Կազմակերպութեամբ «Մայ Սքուլ Փուլս» միութեան, ֆաքրայի շրջանին մէջ յաջորդաբար 9-րդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ վազքի մրցում մը տարբեր դասակարգերու մէջ` մասնակցութեամբ 2144 երկսեռ վազողներու:
Անիկա տեղի ունեցաւ գործակցութեամբ Պէյրութի Մարաթոնի միութեան: Անոր հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի բարեսիրական միութիւններու եւ տարբեր հիւանդութիւններով տառապող անձերու:
Վազքի մրցումին աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան մետալներ ստացան 54 մրցանակակիրներ` տարբեր դասակարգերուն մէջ:
Մրցանակաբաշխութիւնը կատարեցին նախկին նախարար Ռեմոն Աուտէ, վերոնշեալ միութեան հիմնադիր Միրէյ Նասիֆ եւ այլ անձնաւորութիւններ: