Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց Ճաքարթա (Ինտոնեզիա) մեկնող լիբանանեան պատուիրակութեան կազմը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 18 օգոստոսէն 2 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք ասիական 18-րդ խաղերուն:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Սելիմ Հաժ Նիքոլա, թեքնիք պատասխանատուն է Ժիհատ Հաշեմ, իսկ խումբին բժիշկն է Անթոնի Սալամէ: Անոր մէջ են 15 մարզիչներ եւ 27 մարզիկներ:
Այս խաղերուն Լիբանան կը մասնակցի հետեւեալ մարզաձեւերուն` աթլեթիզմ, ժիւտօ, լողարշաւ, նշանառութիւն, սուսերամարտ, փինկ փոնկ, թեքուանտօ, թենիս, Ուու-Շու, կոլֆ, մարմնամարզութիւն, հեծելարշաւ, քարաթէ եւ ըմբշամարտ:
Նշենք սակայն, որ Նիքոլա եւ Հաշեմ Ճաքարթա կը մեկնին վաղը` շաբաթ, 11 օգոստոսին, այդտեղ տեղի ունենալիք ժողովներուն մասնակցելու:


