Հինգշաբթի, 9 օգոստոսին Անգլիոյ մէջ փակուեցաւ մարզիկներու փոխանցման սակարանը:
Լոնտոնեան Թոթենհամ ֆութպոլի ակումբը իր համակիրներուն մեծ անակնկալ չմատուցեց եւ 2018-2019 տարեշրջանին համար պահեց նախորդ կազմը ինչպէս որ է:
Այսպիսով անիկա դարձաւ անգլիական առաջին ակումբը, որ 15 տարուան մէջ ոչ մէկ մարզիկի փոփոխութիւն կատարեց:
Նշենք, որ այժմ մարզիկներու փոխանցումներ չկան այլեւս Անգլիոյ մէջ, սակայն թոյլատրելի է, որ ակումբ մը ծախէ իր մարզիկը, եթէ փափաքի: