Երէկ` չորեքշաբթի, 8 օգոստոսին, Լիբանանի տղոց 18 տարեկանէն վար ազգային խումբը հրաժեշտ տուաւ Ասիոյ 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցաշարքին, երբ 85-67 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ճափոնէն (11-22, 40-37, 66-50 եւ 85-67):
Մայրիներու կազմը յաջողեցաւ միայն առաջին քորթըրին լաւ արդիւնք արձանագրել, մինչ մնացեալ երեքին` ոչ:
Լիբանանէն 21 կէտ նշանակեց Ալեքսանտր Ֆրետերիք:
Այսպիսով, Ճափոն ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Թայլանտի մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի կիրակի, 12 օգոստոսին: