Անսար ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց որ ակումբին նախագահական ընտրութիւններուն նախօրեակին, բոլոր թեկնածուներն ալ յետս կոչեցին իրենց առաջադրած թեկնածութիւնը (թիւով` 10):
Ինչպէս ծանօթ է, ակումբի նախագահ Նեպիլ Պատըր նախորդ շաբաթավերջին ներկայացուցած էր իր հրաժարականը:
Նշուեցաւ, որ շատ հաւանաբար Նեպիլ Պատըր վերադառնայ եւ վերստանձնէ նախագահի իր պաշտօնը: