18-19 օգոստոսին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ տեղի կ՛ունենայ ջրային տարբեր տեսակի մրցումներու տարեկան 7-րդ հանգրուանի մրցաշարքը, որ կ՛ընդգրկէ նաւային տարբեր դասակարգերու մրցումներ:
Անոր մասնակցող ակումբներուն կարգին պիտի ըլլան Աքուա-Մարինա, Ամիր Համզա, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» եւ ուրիշներ:
Ասոր պիտի յաջորդէ 2-րդ հանգրուանը, որ տեղի պիտի ունենայ Պաթրունի շրջանին մէջ, 26 օգոստոսին:
1-2 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ լուսանկարչական մրցաշարք` ջուրին տակ (Սուրի շրջանին մէջ), իսկ 15-16 սեպտեմբերին` սուզումի միջազգային մրցաշարք (վայրը պիտի յայտարարուի աւելի ուշ):
20-21 հոկտեմբերին Ժիպէյլէն Ժունիէ շրջանին մէջ, տեղի պիտի ունենայ ձկնորսութեան միջազգային մրցաշարք մը, իսկ 27-28 հոկտեմբերին ճեթ-սքի-ի մրցում` Ժիպէյլի մէջ:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Սիմոն Խուրի ըսաւ, թէ մեծ աշխատանք կը տարուի բոլոր մրցաշարքերն ալ լաւապէս կազմակերպելու համար:



