Երէկ, Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա պաշտօնապէս միացաւ Ռէալ Մատրիտին:
26 տարեկան Քուրթուա յաջող բժշկական քննութիւններու ենթարկուելէ ետք, 6 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, այսպիսով համաձայն գտնուելով մինչեւ 2024 մնալ արքայական ակումբին հետ:
Ռէալ Մատրիտ Քուրթուայի ակումբին` Չելսիին պիտի վճարէ 40 միլիոն Եւրօ:
Այս առիթով Քուրթուա յայտարարեց, թէ աշխարհի լաւագոյն ակումբ տեղափոխուիլը մեծ հպարտութիւն է եւ երազի մը իրականացումը` իրեն համար: