Լիբանանի ֆութսալի ախոյեան կեդրոնական դրամատան խումբը, որ Ինտոնեզիոյ մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութեան, երէկ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` մրցաշարքէն դուրս ձգելով տիտղոսակիր Չունպուրի Պլու Ուէյվը (Թայլանտ):
Լիբանանեան կազմը փենալթիներով արձանագրեց 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումը երկարաձգումէն ետք աւարտեցաւ 7-7 հաւասարութեամբ:
Յայտնենք, որ կեդրոնական դրամատան խումբը առաջին անգամ ըլլալով կը հասնի կիսաւարտականին:



