«Մարքա» կը տեղեկացնէ, որ Ռէալ Մատրիտ մտադիր է հրաժեշտի մրցում մը կազմակերպել իր նախկին յառաջապահին` Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին համար, որ ակումբին մաս կազմած է 9 տարի:
Նշուեցաւ, որ այս մրցումը շատ հաւանաբար տեղի ունենայ 2019-ին:
Կը կարծուի, որ փորթուգալցիին համար կազմակերպուելիք այս մրցումին Ռէալի մրցակիցը ըլլայ Ռոնալտոյի այժմու ակումբը` Եուվենթուս: