Իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցած Արաբական սուսերամարտի 11, 13 եւ 15 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, լիբանանեան պատուիրակութիւնը վերադարձաւ Պէյրութ:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին պատուոյ սրահին մէջ, լիբանանցի մարզիկները արժանացան ջերմ ընդունելութեան:
Անոնք ընդամէնը շահեցան 17 մետալ. 6 ոսկի, 2 արծաթ եւ 9 պրոնզ:
Այս ախոյեանութեան մասնակցեցան Յորդանան, Լիբանան, Սէուտական Արաբիա, Քուէյթ, Սուրիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Պաղեստին:



