Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Պասթիան Կախեց Իր Կօշիկները

Սեպտեմբեր 1, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ           

Ֆութպոլի մէջ անգլիական այս ասոյթը կը նշանակէ` մարզիկը վերջ տուաւ իր ասպարէզին:

Անշուշտ որեւէ ասպարէզի վերջ տալը յուզախառն բան մը ունի իր մէջ, երբ հանգստեան չէ որ կը կոչուիս, այլ պայմաններու բերումով (ֆութպոլիստի պարագային վիրաւորուիլ կամ «ծերանալ»), կը լքես գոնէ երկու տասնամեակի  ասպարէզդ:

Դժուար եւ անխուսափելի որոշում:

Համակիրներուն համար եւս յուզիչ է. տարիներէ ի վեր պաշտած մարզիկդ այլեւս պիտի չտեսնես խաղերու ընթացքին, պիտի չուրախանաս եւ պիտի չտխրիս անոր հետ, որ քու սիրած ակումբիդ յաջողութիւններու նուաճման մէջ կարեւոր մասնակցութիւն ունեցաւ, ձեւով մը` անոր հետ մեծցար…:

Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պայերն Միւնիխ ակումբի նախկին անդամ եւ խմբապետ Պասթիան Շուայնշթայկըր «կախեց իր կօշիկները», զանոնք աւելի քան 20 տարի գործածելէ ետք:

Պայերն Միւնիխի ֆութպոլի ակադեմիայէն անցնելով  հիմնական կազմ, Պասթիան շուրջ 17 տարի որակաւոր ծառայութիւն մատուցանեց եւ  հաւատարիմ մնաց իր խումբին, այնպիսի ժամանակ մը, երբ աշխարհի գրեթէ բոլոր մարզիկներն ու մարզիչները քանի մը տարին անգամ մը խումբ կը փոխեն, ոմանք մէկ տարուան մէջ` երկու խումբ…:

Վայրագ եւ սանձարձակ դրամատիրութեան իշխանութեան այս ժամանակաշրջանին իսկապէս գնահատելի եւ նոյնպէս դաստիարակիչ է չծախուիլը, խումբը չծախելը, մարդ եւ խաղ չծախելը, երբ այդ առուծախի միջոցով է, որ աստղաբաշխական գումարներ կը կուտակեն մարզիկը, անոր գործակալը եւ խումբին սեփականատէրերը:

Պասթիան նոյնպէս մաս կազմեց Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականին` 2004-2016 թուականներուն մասնակցելով 121 մրցումի, նշանակելով 24 կոլ եւ 2014 թուականին բարձրացնելով ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան բաժակը:

Վերջերս տեղի ունեցած հրաժեշտի մրցումին «Միւնիխ Ալեանց Արենա» մարզադաշտը լեցուցած համակիրները բոլորն ալ յուզուած էին, ոմանց աչքերը` արցունքոտ, որովհետեւ կօշիկները կը հանէր մարզիկ մը, որ ուրախութեան եւ հպարտութեան բազմաթիւ եւ բացառիկ պահեր պարգեւած էր իրենց` իր բարձր մակարդակի խաղարկութեամբ եւ մարզական վեհ ոգիով:

Ամէնէն կարեւորը` դաշտերէն այլեւս կը հեռանար ֆութպոլի մէջ ամէն բան նուաճած որակաւոր  մարզիկ մը, որ օժտուած էր  մարդկայի՛ն բարձր արժէքներով եւ ոգիով:

 

 

Նախորդը

Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Բոլորին Աչքերը` Մանչեսթըր Եունայթըտի Վրայ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (1 Սեպտեմբեր 2018)

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ-Հուփս
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ-Հուփս

Հոկտեմբեր 20, 2025
ՀՄԸՄ Պուրճ  Համուտ Լրջօրէն Կը Պատրաստուի
Մարզական

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Լրջօրէն Կը Պատրաստուի

Հոկտեմբեր 20, 2025
Կերակուսեան 2 Կոլ Նշանակեց Նիւքեսըլի Դէմ «Տերպի»-ին
Մարզական

Կերակուսեան 2 Կոլ Նշանակեց Նիւքեսըլի Դէմ «Տերպի»-ին

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?