Պրազիլի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի, Եուվենթուսի եւ Ինթեր Միլանի նախկին միջնապահ Ֆելիփէ Մելոն պատմած էիր մանկութեան եւ երիտասարդութեան մասին.
«Եթէ չըլլար ֆութպոլը, ես մարդասպան կը դառնայի: Ապրած եմ Պրազիլի ամէնէն վտանգաւոր թաղերէն մէկուն մէջ, ուր կային արգիլուած թմրեցուցիչներ եւ զէնքեր, բայց ես ձգեցի այդ կեանքը, որպէսզի պայքարիմ երազիս համար: Եղած են ժամանակներ, երբ ես գացած եմ մարզումի եւ գիտցած եմ, որ պէտք է ընտրութիւն կատարեմ ֆութպոլին եւ միւս կեանքին միջեւ, եւ ընտրութիւնս կատարած եմ ֆութպոլին ի նպաստ: Կրեմիոյի մէջ ես կը ծախսէի ամբողջ աշխատավարձ սեւ անհասկնալի կեանք կը վարէի, բայց ամէն բան փոխուեցաւ, երբ հանդիպեցայ ապագայ կնոջս: Այդ ժամանակ յայտնուեցաւ նոր Ֆելիփէ Մելոն: Մենք երեք երեխայ ունեցանք, եւ անոնք ինծի համար ամէնէն կարեւորն են` Աստուծմէ ետք: Կ՛ըսեն` իւրաքանչիւր տղամարդու ետին սքանչելի կին մը կանգնած է, բայց ես կը կարծեմ, որ այդ կինը միշտ անոր կողքին է», ըսաւ Մելօ: