Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարզական Ծիծաղ…. Ծիծաղ… Ծիծաղ…

September 4, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աղաւնիները անմեղ չեն

. Քաղաքի մը պասքեթպոլի ակումբին պարտէզին մէջ կը կանգնեցնեն իրենց աշխարհահռչակ մարզիկին արձանը: Բացման արարողութենէն ետք, լրագրող մը մարզիկին կը հարցնէ.

– Ի՞նչ զգացիք, երբ ձեր արձանին վրայէն ծածկոցը վերցուցին:

– Ամէնէն առաջ ես դադրեցայ աղաւնիները հաճելի եւ անվնաս անասուններ նկատելէ:

Բռունցքի դրամը

. Շիքակոյի մէջ բռնցքամարտի մրցումէ մը ետք, մարդ մը կը մօտենայ կիշէին եւ պաշտօնեային ուղղելով խոշոր ատրճանակ մը կ՛ըսէ.

– Մրցումը շատ ձանձրացուցիչ եւ անարժէք էր: Խնդրեմ ինծի վերադարձուցէք բոլոր ներկաներուն տոմսերուն դրամները:

Լողալու դասը

.Պատանեկան լողի ակումբի մը մարզիչը , նոր արձանագրուած տղեկի մը կը փորձէ լողալ սորվեցնել: Տղեկը սարսափած կախուած է անոր թեւերէն: Որոշ ժամանակ մը ետք, տղեկը մարզիչին կ՛աղաչէ.

– Քո՜չ, կը բաւէ՜, ալ չեմ կրնար խմել…

Մէկը բոլորին համար…

. Նախկին ֆութպոլիստ մը իր թոռնիկին կը պատմէ, թէ մրցումներու ատեն ինք ինչե՜ր կ՛ընէր, կոլեր կը նշանակէր, իրենց խումբը կը փրկէր պարտութենէ, բաժակներ կը նուաճէր եւ այլն, եւ այլն, եւայլն…

Թոռնիկը ուշադիր մտիկ ընելէ ետք կը հարցնէ.

-Պապի՛կ, եթէ դուն կայիր, այլեւս ի՞նչ պէտք կար միւսներուն:

«Աշխարհի մրցանիշը ըսէ՛ք»

. Հռչակաւոր մարզիկ մը կը հիւանդանայ եւ անմիջապէս հիւանդանոց կը փոխադրուի: Բժիշկը  չափելով անոր ջերմութիւնը կը բացագանչէ.

– Օհօ՜, 39,7:

Մարզիկը իսկոյն կը հարցնէ.

– Իսկ որքա՞ն է համաշխարհային մրցանիշը…

Կրթուած աղջիկը

. Պասքեթպոլի աղջկանց խումբի անդամներէն մին փորձէն ետք տուն վերադառնալով մօրը կ՛ըսէ.

– Մա՛մ, տղոց խումբէն մարզիկ մը ինծի ըսաւ, որ ես այս խումբի ամէնէն կրթուած, դաստիարակուած աղջիկն եմ: Ի՞նչ կ՛ըսես, մեր տունը հրաւիրե՞մ զինք:

– Չըլլայ որ… ձգէ՛ այդպէս թող կարծէ…

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Ճափոնի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Յաջորդը

Ճատրակ. Աստղիկ Յակոբեան Եւրոպայի Մինչեւ 14 Տարեկաններու Փոխախոյեան

RelatedPosts

Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)

October 3, 2026
Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսի Մրցում` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 3, 2026
«Սփարք Լիկ».  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս
Մարզական

«Սփարք Լիկ». Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.