Ճատրակի Մեծ մրցաշարքի աւարտական փուլի` «Լոնտոն Չես Քլասիք»-ի բոլոր մասնակիցները յստակացան:
Լոնտոնի մէջ 11-17 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք մրցաշարքին մասնակցութեան իրաւունք ստացած են Ճատրակի մեծ մրցաշարքի 4 հանգրուաններուն ամէնէն շատ կէտ շահած վարպետները` Լեւոն Արոնեան, ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ, Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Ֆապիանօ Քարուանա եւ Հիքարու Նաքամուրա: