Ֆութպոլի Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգի իրաւարար Պոպտի Մետլին հեռացուցին աշխատանքէ` սահմանափակ կարելիութիւններով մարդիկը ծաղրելուն պատճառով:
Անգլիացի իրաւարարը Snapchat-ի մէջ իր հետեւորդներուն ուղարկած է անդամալոյծ մարդու մը լուսանկարը` կատարելով հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Ես անոր կը յաղթէի դպրոցական մարզական օրուան վազքի մրցումին»: Ընթերցողներէն մէկը այդ արձանագրութիւնը ուղարկածէ Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգի տնօրէնութեան: Ատկէ ետք 32-ամեայ իրաւարարը կանչած են կարգապահական լսումներու եւ հեռացուցած աշխատանքէ:
Պոպտի Մետլի իրաւարարի ասպարէզը սկսած է 2001 թուականին: 2012-էն ան ՖԻՖԱ-ի եւ 2013-էն Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի իրաւարար է: