Աշխարհի թիւ 26 դասուած Սերենա Ուիլիըմզ մեկնաբանեց յաղթանակը իր քրոջ` Վինըս Ուիլիըմզի նկատմամբ, Միացեալ Նահանգներու թենիսի բաց մրցաշարքի երրորդ հանգրուանին մէջ:
«Այդպիսի մրցումները աւելի հոգեբանական ուժեր կը խլեն, քան ֆիզիքական: Բարդ է, բայց մենք այս ճամբորդութիւնը սկսած ենք 35 տարի առաջ, թէեւ որոշ առումով, ատիկա սկսած է տակաւին մեր ծնելէն առաջ: Հիմա մենք արդէն գիտենք, թէ ի՛նչ կարելի է սպասել մեր դիմակայութենէն: Մենք կ՛ընենք այն, որ կրնանք: Հաւանաբար ասիկա իմ լաւագոյն մրցումս էր մեծ քրոջս դէմ», ըսած է ան:
Սերենա Ուիլիըմզ յաղթեց 6-1, 6-2 արդիւնքով: