Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը յայտարարեց կազմակերպութեան վարկածով «Տարուան ֆութպոլիստ»-ի կոչումին 3 թեկնածուները` Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Լուքա Մոտրիչ եւ Մոհամետ Սալահ:
Յատկանշական է, որ երեք թեկնածուներու շարքին Մեսսիի անունը չկայ` 12 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով:
ՖԻՖԱ-ն նոյնպէս ներկայացուց անունները երեք բերդապահներու, որոնք թեկնածու են տարուան լաւագոյնի կոչման:
Թեկնածուներու վերջնական ցուցակին մէջ ներառուած են Թիպօ Քուրթուա (Պելճիքայի հաւաքական, Չելսի/Ռէալ Մատրիտ), Հուկօ Լիորիս (Ֆրանսա, Թոթենհամ) եւ Գասպար Շմայքըլ (Դանիա, Լեսթըր Սիթի):
Աշխարհի 2018 թուականի ախոյեանութեան մրցաշարքին, Քուրթուա արժանացած է պրոնզ մետալի, նոյնպէս ճանչցուած է իբրեւ մրցաշարքի լաւագոյն բերդապահը:
Նոյնպէս հրապարակուեցան լաւագոյն մարզիչի երեք թեկնածուներու անունները:
Աւարտական եռեակին մէջն են` Ֆրանսայի հաւաքականի մարզիչ Տիտիէ Տեշան, Խրուաթիոյ հաւաքականի մարզիչ Զլատքօ Տալիչ եւ Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիչ Զինետին Զիտան:
Տեշան Ֆրանսայի հաւաքականին հետ աշխարհի 2018 թուականի ախոյեանութիւնը նուաճեց, Տալիչ իր խումբին հետ պատմութեան մէջ առաջին անգամ հասաւ մինչեւ 2018-ի աւարտական, իսկ Զիտան մատրիտեան ակումբին հետ մրցանշային երրորդ տարին անընդմէջ դարձաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի բաժակակիր:
Յաղթողներուն անունները յայտնի կը դառնան 24 սեպտեմբերին, Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք ՖԻՖԱ-ի Լաւագոյն մրցանակներ «Տը պեսթ ՖԻՖԱ ֆութպոլ ըուորտզ» հանդիսութեան ատեն:





