Յառաջիկայ յունուարին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունենալիք Ասիոյ բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի նախապատրաստական մարզումներու ծիրին մէջ, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մոնթենեկրոցի մարզիչ Միոտրակ Ռատոլովիչ պատրաստած է յատուկ ժամանակացոյց մը, յատկապէս փորձ մրցումներու համար:
Յառաջիկայ նոյեմբերին Լիբանանի հաւաքականը Սիտնիի մէջ բարեկամական մրցում մը պիտի խաղայ Աւստրալիոյ հետ, որ Ասիոյ ֆութպոլի բաժակը նուաճած է 2015 թուականին:
Լիբանանի ազգային հաւաքականը այսօր կը սկսի իր մարզումներուն Պիր Հասանի դաշտին վրայ եւ վաղը կ՛ուղղուի Ամման:
Ազգային հաւաքական հրաւիրուած 23 մարզիկներն են. Մեհտի Խալիլ, Նուր Մանսուր, Հայսամ Ֆաուր, Մոհամետ Հայտար, Ռապիհ Աթայա, Ապպաս Հասան, Ալի Համամ, Քասեմ Զէյն, Նատեր Մաթար, Հասան Մաաթուք, Նասար Նասար, Մ. Ժունտի, Հասան Շաիթօ (Մոնի), Պիլալ Նաժտի, Հասան Շաիթօ (Շապրիքօ), Ատնան Հայտար, Մուսթաֆա Մաթար, Էտմոն Շահատէ, Ուալիտ Իսմայիլ, Մ. Զէյն Թահան, Ժաուան Օմրի, Հիլալ Հալուէ եւ Օմար Շաապան:
Լիբանանի ազգային հաւաքականը Ասիոյ բաժակի աւարտականներու Ե. խմբակին մէջն է` ուր իր մրցակիցներն են` Սէուտական Արաբիա, Քաթար եւ Հիւսիսային Քորէա: