Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան չորրորդ հանգրուանին, Նիմ – Փարիզ Սեն Ժերմեն մրցումին աւարտէն ետք, դաշտ մտաւ փարիզեան ակումբի պատանի համակիր մը եւ յաջողեցաւ գրկախառնուիլ Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի հետ, որ պատանիին նուիրեց իր մարզական շապիկը: Տղան հագած էր Փարիզ Սեն Ժերմենի ֆրանսացի յառաջապահ Կիլիան Մպափէի նկարով շապիկ մը:
Այդ մրցումին Փարիզ Սեն Ժերմեն Նիմին յաղթած էր 4-2 արդիւնքով: Հիւրերու կազմին մէջ փայլած էին Նէյմարը, Տի Մարիան, Մպափէն եւ Քաւանին: