Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ… Ծիծաղ

Օգոստոս 31, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խմբապետէն Օրինակ Առէ՛ք

. Ֆութպոլի ակումբ մը իր խմբապետը կը փոխանցէ այլ խումբի: Նախկին մարզիչը իր ընկերոջը կ՛ըսէ.

– Այնպիսի խմբապետ մըն է, որ մարզիկները իր ետեւէն կ՛երթան առանց վարանելու, որպէսզի տեսնեն, թէ ուրիշ ի՛նչ ապուշութիւն կրնայ ընել:

Կ՛ազատիս Զզուելի Աշխարհէն…


. Երկրորդ դասակարգին ճամբան բռնած խումբի մը մարզիչը, համակիրներուն կողմէ միշտ կը քննադատուի, հայհոյանք, սպառնալիք եւ այլն: Խումբին սեփականատէրը մարզիչին կ՛ըսէ.

– Եթէ քու մասիդ գէշ կը խօսին, գոհ եղիր, որ չեն վիրաւորեր, եթէ կը վիրաւորեն, գոհ եղիր, որ չեն ծեծեր, եթէ կը ծեծեն, գոհ եղիր, որ չեն սպաններ, եթէ կը սպաննեն, գոհ եղիր, որ կ՛ազատիս այս զզուելի աշխարհէն:

Տարեդարձին Գնդակ Եւ Պարսատիկ

. Սամիկին տարեդարձին յաջորդ օրը դրացիին տղան անոր կը հարցնէ.

– Քեզի ի՞նչ նուէր տուին երէկ:

– Ինչպէս ամէն տարի, նոյնը:

– Իսկ ի՞նչ կը նուիրեն քեզի ամէն տարի:

– Պասքեթի գնդակ եւ պարսատիկ:

– Ինչպէ՞ս թէ, ուրեմն դուն ամէն տարի  պասքեթի գնդակ եւ պարսատի՞կ կը ստանաս:

– Այո՛:

– Բայց որմէ՞:

– Հօրմէս:

– Հայրդ ո՞վ է:

– Մեր թաղին ապակեգործը:

Նախկին Ոչխարները

. Ասպարէզը աւարտած  ֆութպոլիստ մը, տարիներ ետք իր խումբի ընկերներուն հետ հաւաքի մը կ՛երթայ: Երբ տուն կը վերադառնայ, կինը կը հարցնէ.

– Այդ ձեր խումբի Ադամը հիմա ի՞նչ գործ կ՛ընէ:

– Երեւակայէ՛, այդ ոչխարը հիմա նախարարութեան մէջ կ՛աշխատի:

– Իսկ Ղուկա՞սը:

– Այդ ոչխարն ալ մեծ վաճառական եղած է:

– Հապա Ժա՞քը:

– Այդ ոչխարն ալ հագուստի գործարան ունի:

Կինը պահ մը կը մտածէ եւ կ՛ըսէ.

– Է՜, տեսնենք դո՛ւն ե՞րբ ոչխար պիտի դառնաս:

Չեղաւ, Ետ Բե՛ր


. Անկարգելով (փարաշիւթ) մարզանքը սիրող երիտասարդ մը, կ՛երթայ անկարգել գնելու: Ընտրելէ ետք հատ մը, վաճառողին կը հարցնէ.

– Լա՞ւ փարաշիւթ է:

– Այո՛, անշուշտ:

– Եթէ օդանաւէն նետուիմ եւ չբացուի, ի՞նչ ընեմ:

– Անմիջապէս զսպանակը քաշէ՛:

– Իսկ եթէ այդ պարագային ալ չբացուի…

– Կը բերես, ետ կու տաս:

Ձի Ըլլալ…


. Ձիարշաւի մրցումներու մասնակցող ձիաւոր մը, իր ընկերոջը կը հարցնէ.

– Կ՛ուզէի՞ր ձի ըլլալ:

– Ո՛չ:

– Տէ՛, գնա՛, անանկ էշ մնա՛…

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (31 Օգոստոս 2018)

Յաջորդը

Արամ Աւագեան. «Գիտեմ, Թէ Ինչ Պէտք Է Ընեմ Ռինկին Վրայ»

RelatedPosts

Ասիոյ Երիտասարդներու Խաղեր.  Հալա Մեքտաշի Արծաթէ Մետալակիր
Մարզական

Ասիոյ Երիտասարդներու Խաղեր. Հալա Մեքտաշի Արծաթէ Մետալակիր

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նարեկ Գրիգորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Նարեկ Գրիգորեան Կոլ Նշանակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
Հայկ Մուսախանեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Հայկ Մուսախանեան Կոլ Նշանակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?