Ափրիկէի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, 10-րդ խմբակին մաս կազմող Եգիպտոս նախորդ շաբաթավերջին 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Նիկերի դէմ:
Լիվըրփուլի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ, որ նշանակեց երկու կոլ (29-րդ եւ 86-րդ), կատարեց նաեւ երկու էսիսթ, բայց չկրցաւ իրականացնել… երկու փենալթի:
Իր կարգին, Մարուան Մոհսեն տուպլէ մը իրագործեց:
Այսպիսով, Եգիպտոսի նոր մարզիչ` մեքսիքացի Խաւիէ Ակիրէ, յաղթանակով մը սկսաւ իր նոր ասպարէզը: