«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ազգերու լիկայի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով իր կատարած երկրորդ մրցումին երէկ Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ Սքոփիէի մէջ հիւրը եղաւ Մակեդոնիոյ, կրեց իր առաջին պարտութիւնը` 2-0 արդիւնքով:
Դ. դասակարգի Դ. խմբակին մաս կազմող հայրենի կազմը, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրած էր, չկրցաւ շրջանցել այս արգելքը եւ տեղի տուաւ 2-0 արդիւնքով:
Մակեդոնիա կասկածելի փենալթիով մը բացաւ հաշիւը (13-րդ), մինչ անիկա Բ. կիսախաղին նշանակեց իր երկրորդ կոլը (59-րդ)` այսպիսով արձանագրելով իր երկրորդ յաղթանակը:
Այս մրցումին հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան հիմնական կազմին մէջ կատարեց 4 փոփոխութիւն` փոխելով նաեւ իր մարտավարութիւնը (4-2-3-1):
Հայաստան իր յաջորդ երկու մրցումները պիտի կատարէ իր դաշտին վրայ:
13 հոկտեմբերին Հայաստան կը հիւրընկալէ Լիխթնշթայնը, իսկ երեք օր ետք` Մակեդոնիան, դարձի մրցումին: