Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան շարք մը ճակատումներ:
Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ յաղթանակով սկսաւ նոր տարեշրջանը, բայց նոյն խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցում չկատարեց:
Վաղը` կիրակի, 9 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը կատարէ իր առաջին մրցումը, երբ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ կը մրցի Անուարի դէմ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել Պուրճ Համուտի մարզիկները: