Լեհաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան, Բ. դասակարգի 9-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Օլիմփիա իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Էլպլակի:
Օլիմփիայի երկրորդ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Աղուան Պապիկեան` 44-րդ վայրկեանին:
Նախորդ` Կուրնիքի դէմ կատարուած մրցումին, 24 տարեկան Պապիկեան, դարձած էր կոլի եւ էսիսթի հեղինակ` այդ հանգրուանին ընդգրկուելով խորհրդանշական հաւաքականին մէջ:



