Յորդանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը նշեց, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ժամալ Ապու Ապըտ պաշտօնանկ եղած է:
Ֆետերասիոնը տեղեկացուց, որ պաշտօնանկութեան այդ քայլը բնականաբար ի նպաստ երկրին ֆութպոլին է` Ասիա-2019-ի բաժակի մրցաշարքին սկսելէ քանի մը ամիս առաջ:
Ապու Ապըտի օգնականը` պելճիքացի Վիթալ Պուրքըլմանզ, պիտի ստանձնէ անոր պաշտօնը:
Շուրջ տարի մը առաջ մարզիչ նշանակուած Ապու Ապըտի կազմը նախորդ շաբաթավերջին ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին Ամմանի մէջ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Լիբանանէն: