Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ պետմինթընի կրտսերներու ախոյեանութիւնը, որ հիւրընկալուեցաւ Լիբանանի կողմէ:
Տեղի ունեցան տարիքային տարբեր դասակարգերու մրցումներ:
Տարբեր տիտղոսներու տիրացան Իրան, Յորդանան եւ Սուրիա, մինչ Լիբանան ձեռք ձգեց միայն 3 պրոնզ մետալներ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հանդիսատեսներու: