Փարակուէյի Քլուփ-2 տէ Մայօ ֆութպոլի խումբի գլխաւոր մարզիչ Քարլոս Խարա Սակիեր ունի տարօրինակ օգնական մը:
Թեսափարա մականունով շունը միշտ կ՛ուղեկցի Սակիերին` խումբին հետ անոր կատարած փորձերուն եւ մամլոյ ասուլիսներու ընթացքին, կը յայտնէ անգլիական «Տը Սան» թերթը:
Խումբը հանդէս կու գայ Փարակուէյի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ: 27-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք անիկա կը գտնուի երրորդ դիրքին վրայ` 6 կէտով ետ մնալով յառաջատարներէն: