Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքի մը իր մասնակցութիւնը բերած Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը, իր կատարած վերջին մրցումին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Մոլտովայէն, գրաւեց 6-րդ դիրքը:
Իր կատարած նախորդ 4 մրցումներուն, հայրենի կազմը կրեց երեք պարտութիւն Լաթվիայէն (1-0), Մոլտովայէն (4-1) եւ Ռուսիայէն (2-0), մինչ իր միակ յաղթանակը արձանագրեց Խըրխըզիստանի դէմ (2-1):
 
			


