Հայաստանի ներկայացուցիչներ Նորայր Յակոբեան (55 քկ) եւ Սլաւիկ Գալստեան (63 քկ) ոսկիէ մետալներու տիրացան Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցող Վլատիսլաւ Փեթլիանսքիի անուան յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի յուշամրցաշարքին ընթացքին: Իսկ 55 քկ դասակարգին մէջ Պրազիլը ներկայացնող Սարգիս Խաչատրեան տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Ռիօ 2016-ի ողիմպիական խաղերու ոսկիէ մետալակիր, աշխարհի եռակի ախոյեան եւ Եւրոպայի քառակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան, որ պրոնզէ մետալին համար պէտք էր մրցէր իտալացի մրցակիցի մը դէմ, վնասուածքի պատճառով չկրցաւ մրցումին մասնակցիլ: