Լոնտոնեան Արսենալ ֆութպոլի ակումբը պայմանագրութիւն մը կնքեց 9 տարեկան ֆութպոլիստ տղեկի մը` Ճէյտըն Ատեթիպայի հետ, այս գծով յայտնեց անգլիական «Տը Միրըր»:
Արսենալի պատասխանատուները անոր ունեցած տաղանդը նկատած են Հարաւային Ափրիկէ կատարած իրենց մէկ այցելութեան ընթացքին:
Յայտնենք, որ Արսենալի հետ իր պայմանագրութիւնը կնքելէ առաջ ան ակումբին հետ 5 շաբթուան հաւաքի մը մասնակցեցաւ: