Ինթեր Միլանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան արդէն իսկ սկսած է անհատական մարզումները` դարմանուելէ ետք: Ան վիրաւրուած էր «Սերի Ա.»-ի 8-րդ հանգրուանին` Նափոլիի դէմ մրցումին 25 հոկտեմբերին: 36 տարեկան հայ ֆութպոլիստը օգտուեցաւ միջազգային դադարէն` ապաքինելու, եւ շատ հաւանաբար շուտ մարզավիճակ կը վերագտնէ:
Կը սպասուի, որ ան լաւապէս պատրաստ ըլլայ կիրակի օրուան «Միլանի տերպի»-ին: Նախապէս կը սպասուէր, որ ան 5-էն 6 շաբաթ հեռու մնայ դաշտերէն, բայց Մխիթարեան աւելի շուտ վերագտաւ ինքզինք:
Մխիթարեանի վերադարձով Ինթերի միջնապահ գիծը լրջօրէն կը զօրանայ դժուար մրցումներու նախօրեակին: Ա. Սէ. Միլանի դէմ մրցումէն ետք, Ինթեր Միլան կարեւոր մրցում մը եւս ունի Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ` «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով:


