Հայ բռնցքամարտիկ Էրիք Իսրայէլեան յաջողութեամբ կը շարունակէ բռնցքամարտի իր արհեստավարժ ասպարէզը: Մոնրէալի մէջ 21 տարեկան մարտիկը յաղթեց չիլիցի Մարիօ Էսփարսիային, իրաւարարներու միաձայն որոշումով` 40-36, 40-36 եւ 40-36 արդիւնքով: Այս յաղթանակը Իսրայէլեանի երկրորդն է երկու շաբթուան ընթացքին:
Երկու շաբաթ առաջ Էրիք Մոնրէալի մէջ նաք-աութով պարտութեան մատնած էր Տիլըն Շրետերը:
Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականին հետ յաջող ելոյթներէն ետք, անցեալ ապրիլին Իսրայէլեան անցած էր արհեստավարժ բռնցքամարտ: Քանի մը ամսուան ընթացքին հայ բռնցքամարտիկը չորս մենամարտ կատարած է` բոլորին ալ յաջող եւ համոզիչ յաղթանակներ արձանագրելով (2-ը` նաք-աութով):


