Քիք-պոքսինկի հայ մարզիկ Ժորա Յակոբեան փայլուն ելոյթ ունեցաւ վերջերս Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցող «Քէյ 1 Ուորլտ Մաքս» մրցաշարքին:
Քառորդ աւարտականին Ժորա Յակոբեան, որ իր 39 նախկին մրցումներէն 33-ը յաղթած էր, տպաւորիչ յաղթանակ արձանագրեց ֆրանսացի Այմերիք Լազիզիի դէմ, զայն նաք-աութի ենթարկելով առաջին ռաունտին իսկ:
70 քկ կշիռի մրցումներուն ան հասաւ կիսաւարտական, բայց չկրցաւ աւարտել մենամարտը: Ան վիրաւորուեցաւ եւ ստիպուեցաւ կիսատ ձգել մրցումը: Ան յառաջիկայ օրերուն պիտի ենթարկուի բժշկական քննութիւններու, որոնց հիմամբ կը պարզուի անոր վէրքերուն լրջութիւնը:
Հակառակ անոր չար բախտին, քառորդ աւարտականի իր ելոյթը եղած էր այս մրցաշարքի ամէնէն հետաքրքրական ելոյթներէն մէկը, ուր նիւթ դարձած էր մանաւանդ անոր նաք-աութի ուժը:


