Վերջերս Մոսկուայի «Կռիլիա Սովեթով» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Շամօ Պոքսինկ» բռնցքամարտային երեկոն, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երեք հայ մարտիկներ, որոնք շատ յաջող ելոյթ ունեցան վստահ յաղթանակներով:
22 տարեկան Ռոպերթ Բադալեան շարունակեց յաղթանակներու շարքը` պարտութեան մատնելով նամիպիացի Թոմաս Իշիտհիմատվան: Մենամարտը տեւեց 6 ռաունտ, որոնցմէ ետք իրաւարարներու միաձայնութեամբ Բադալեան իր 4-րդ յաղթանակը տօնեց:
Ռաֆայէլ Սիմոնեան երեք տարուան դադարէ ետք տպաւորիչ ձեւով վերադարձաւ բռնցքամարտի աշխարհ: Ան 2-րդ ռաունտին նաք-աութով պարտութեան մատնեց Կարէն Աւետիսեանը` ցուցադրելով բարձր մակարդակի եւ յարձակողական ոճի բռնցքամարտ: Ասիկա Սիմոնեանի 11-րդ յաղթանակն էր 12 մրցումներու ընթացքին, մինչ Աւետիսեան իր 57-րդ մրցումին կրեց 48-րդ պարտութիւնը:
Վեթերաններու ելոյթին 45 տարեկան Արթուր Տէր Իսրայէլեան իր կարգին կանուխ յաղթանակ արձանագրեց:
Տէր Իսրայէլեան իր ասպարէզի 10-րդ մրցումին կրցաւ նաք-աութով պարտութեան մատնել 43 տարեկան Տիմիթրի Իվանովը` 2-րդ ռաունտին իսկ պահելով իր անյաղթ մրցումներու ցուցանիշը: Իվանով իր 15-րդ մրցումին 4-րդ պարտութիւնը կրեց:


