Անյաղթ հայ բռնցքամարտիկ Եուրի Սակունց իր յաղթանակներու շարքը աւելցուց յաղթանակով մը եւս, երբ Թայլանտի մէջ կրցաւ յաղթել տեղացի Կիյարտի Սրիրիտթիտետին:
Մենամարտը, որ տեղի ունեցաւ Փաթում Թանի քաղաքին մէջ, շատ կարճ տեւեց եւ առաջին ռաունտին իսկ նաք-աութով վերջ գտաւ:
«Կինես»-ի բազմաթիւ մրցանիշներու տէր Սակունց իր 19-րդ արհեստավարժ մրցումը շահեցաւ: Ան այդ 19 մրցումներէն 17-ն նաք-աութի միջոցով յաղթած է:
Այս տպաւորիչ արդիւնքներէն ետք, 29 տարեկան Չարենցաւանի սան Սակունց տակաւին չէ մասնակցած խոշոր միջազգային մենամարտի, սակայն յոյս ունի, որ շուտով կարելիութիւն կ՛ունենայ ինքզինք աւելի բարձր մակարդակի վրայ դրսեւորելու:


