ՖԻՏԷ-ի 2025 աշխարհի բաժակի Դ. հանգրուանին, Հայաստանի վերջին ներկայացուցիչը` Շանթ Սարգիսեան, առաջին դասական ճակատումին հաւասարելէ ետք երկրորդ ճակատումին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Ուզպեքիստանի Նոտիրպեք Եաքուպոյեւէն եւ դուրս մնաց:
Քառորդ աւարտական ձախողեցան հասնիլ նաեւ Միացեալ Նահանգներու հայ ներկայացուցիչներ Լեւոն Արոնեան եւ Սամուէլ Սեւեան:
Լեւոն Արոնեան 1,5-0,5 արդիւնքով պարտութիւն կրեց թիւ 2 դասուած հնդիկ վարպետ Արժուն Էրիկայսիէն, մինչ Սամուէլ Սեւեան 1,5-0,5 արդիւնքով պարտուեցաւ Չինաստանի ներկայացուցիչ Եի Ուէյէն:
Քառորդ աւարտականին թիւ 2 դասուած Էրիկայսի պիտի մրցի 7 դասուած Եի Ուէյի դէմ, ամերիկացի Սամ Շանքլենտ (թիւ 46) ռուս Անտրէ Էսիփենքոյի դէմ (թիւ 27), թիւ 16 դասուած Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչ Ժավոխիր Սինտարով մեքսիքացի Խոսէ Էրուարտօ Մարթինես Ալքանթարայի դէմ (թիւ 57), իսկ թիւ 28 դասուած Եաքուպոյեւ` գերմանացի Ալեքսանտըր Տոնչենքոյի դէմ (թիւ 61):


