Քիք-պոքսինկի հայ մարտիկ Մարատ Գրիգորեան իրաւարարներու միաձայն որոշումով պարտութեան մատնեց ճափոնցի Ռուքիա Անփոն, Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցած «Ուան 173» մրցաշարքին:
Ասիկա Գրիգորեանի 85-րդ մենամարտն էր, ուր ան արձանագրեց 69-րդ յաղթանակը: Գրիգորեանի երկրորդ յաջորդական յաղթանակն է այս` պարտութիւն կրելէ ետք Սուփերպոն Պանչամեքէն, եւ ըստ վերջին մենամարտներու արդիւնքներուն, մօտիկ ապագային Գրիգորեան կրնայ «վրէժ»-ի մրցում մը ունենալ Պանչամեքի դէմ:
Գրիգորեան վստահ հարուածներով կը տիրապետէր իր մրցակիցին վրայ եւ 3 ռաունտերուն ալ յաղթեց առանց որեւէ խնդիրի: Ան լաւ պատրաստուած էր ֆիզիքապէս եւ թեքնիքապէս, ուր լիակատար գերակայութեամբ յաղթանակ արձանագրեց:


