Գերմանիոյ ֆութպոլի խումբը վտանգաւոր դիրքի վրայ կը գտնուէր դուրս մնալու 2026-ի մոնտիալէն, բայց այդ մէկը երկուշաբթի գիշեր աւարտեցաւ, երբ Լայփցիկի դաշտին վրայ ան 6-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Սլովաքիան: Սլովաքիա, որ անցեալ սեպտեմբերին զտումի բացման մրցումին 2-0 արդիւնքով անակնկալ ձեւով պարտութեան մատնած էր Գերմանիան Պրաթիսլաւայի մէջ, մրցումին սկիզբէն պաշտպանողական խաղ կը կիրարկէր:
Սակայն Գերմանիա 18-րդ վայրկեանին առաջին կոլը նշանակելէ ետք Նիք Վոլթեմարէի շնորհիւ հետզհետէ անզսպելի դարձաւ, եւ Կնապրի Սանէ (2), Պաքու եւ Ուետրասկօ 5 այլ կոլեր նշանակեցին` Գերմանիան միշտ հասցնելով մոնտիալի` զտումի մրցումներէ ետք:
4 անգամ աշխարհի ախոյեան Գերմանիա միայն 2 Մոնտիալէ բացակայած է` 1930-ին (չուզեց մասնակցիլ) եւ 1950-ին (պատժուած էր համաշխարհային պատերազմէն ետք), եւ միակ խումբն է, որ ամէնէն շատ հասած է աւարտականի` 8 անգամ:
1954-ի, 1974-ի, 1990-ի եւ 2014-ի տիտղոսներէն անկախ, Գերմանիա 1966-ին, 1982-ին, 1986-ին եւ 2002-ին աշխարհի փոխախոյեանն էր:
Երկուշաբթի գիշեր, Նետերլանտներ իրենց կարգին հասան Մոնտիալ` 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Լիթուանիան:
Թեյանի Ռէյնտըրզ, Քոտի Կաքփօ, Չաւի Սիմոնզ եւ Տոնիել Մալեն նշանակեցին «նարնջագոյններուն» անպատասխան կոլերը:
Նետերլանտներ 3 անգամ աշխարհի փոխախոյեան դարձած են 1974-ին, 1978-ին եւ 2010-ին:
Լեհաստան գրաւեց այս խմբակի Բ. դիրքը եւ Սլովաքիոյ նման պիտի մասնակցի գարնան տեղի ունենալիք փլէյ-օֆի մրցաշարքին:
12-րդ խմբակի պարագլուխի դիրքը գրաւող Խրուաթիա, որ արդէն իսկ ապահոված էր իր տոմսը, վերջին մրցումին 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մոնթենեկրոն` անյաղթ մնալով զտումի մրցումներուն:
Չեխիա 6-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Ճիպրալթարը, Բ. դիրքը գրաւեց հասնելով փլէյ-օֆ:


