Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Նորվեկիա 4 Կոլ Նշանակեց Իտալիոյ Մէջ

Նոյեմբեր 18, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1998-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով Նորվեկիա Մոնտիալ հասաւ, երբ կիրակի գիշեր 1-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք կիսախաղին Միլանոյի մէջ, կրցաւ 4 կոլ նշանակել` շահելով իր 24-րդ կէտը եւ 8 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրելով Իտալիան զրկեց փլէյ-օֆի հասնելէ:

Ինթեր Միլանի յառաջապահ Ֆրանչեսքօ Փիօ Էսփոզիթօ «զուտ միլանեան» կոլ մը նշանակեց 11-րդ վայրկեանին խմբակից Տիմարքոյի փոխանցումէն ետք, բայց իտալացիք չկրցան առաջին կիսախաղի իրենց առիթները կոլի վերածել: Բ. կիսախաղին Նորվեկիա շատ աւելի առիթներ ստեղծեց եւ վտանգաւոր էր ու յաջողեցաւ կոլեր նշանակել շնորհիւ Անթոնիօ Նուսայի, Էրլինկ Հաալանտի (2) եւ Եորկըն Սթրանտ Լարսընի:

Ուքրանիա 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Իսլանտան Բ. դիրքը խլեց անկէ եւ հասաւ փլէյ-օֆի:

Առայժմ 32 երկիրներ արդէն իսկ ապահոված են Մոնտիալի իրենց տոմսերը: Հիւրընկալ երկիրներ` Միացեալ Նահանգներ, Մեքսիքա եւ Քանատա, ինչպէս նաեւ Հարաւային Ամերիկայէն` Արժանթին, Պրազիլ, Քոլոմպիա, Ուրուկուէյ, Էքուատոր եւ Փարակուէյ, Ափրիկէէն` Մարոք, Թունուզ, Եգիպտոս, Ալճերիա, Կանա, Քափէ Վերտէ, Փղոսկրեայ Ափունք, Հարաւային Ափրիկէ եւ Սենեկալ, Ասիայէն` Ճափոն, Հարաւային Քորէա, Իրան, Աւստրալիա, Յորդանան, Ուզպեքիստան, Քաթար եւ Սէուտական Արաբիա, Ովկիանիայէն` Նոր Զելանտա եւ Եւրոպայէն` Անգլիա, Ֆրանսա, Խրուաթիա, Փորթուգալ եւ Նորվեկիա:

Մոնտիալի վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 5 դեկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ Պէյրութի ժամով 19:00-ին: 48 խումբեր պիտի բաժնուին 12 խմբակներու 4-ական խումբերով: Նկատի ունենալով, որ 48 խումբերը ամբողջական պիտի չըլան, որովհետեւ մարտին տեղի պիտի ունենան փլէյ-օֆի մրցումները` զտելու վերջին 6 մասնակից խումբերը:

Այժմէն իսկ յայտնի է, որ Մեքսիքա պիտի գլխաւորէ Ա. խմբակը, Քանատա Բ. խմբակը, իսկ Միացեալ Նահանգներ` Դ. խմբակը:

6 խումբեր, ինչպէս նշեցինք, փլէյ-օֆի մրցումներէն ետք պիտի վճռուին` 4 եւրոպական եւ 2 միջցամաքամասային զտումներէ ետք:

Եւրոպայի մէջ 12 խումբեր պիտի մրցին իրար դէմ, ուր 4 խումբեր պիտի հասնին կիսաւարտական եւ ապա աւարտական (մէկ մրցումով): 12 լաւագոյն Բ. դիրքը գրաւող խումբերուն պիտի միանան Ազգերու լիկայի խմբակները շահած խումբեր, ինչպէս Ռումանիա, Շուէտ, Հիւսիսային Իրլանտա եւ 3-րդ դիրքը գրաւած լաւագոյն խումբերէն Կալես կամ Հիւսիսային Մակեդոնիա:

Միջցամաքամասային մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, ուր արդէն իսկ մասնակիցներէն յայտնի են Պոլիվիա, Նոր Քալետոնիա, Քոնկօ, ինչպէս նաեւ 2 հիւսիսային Ամերիկայէն խումբեր եւ 1 ասիական խումբ: Ամէն խմբակէ 3 խումբ պիտի մրցին մոնտիալին հասնելու:

Նորվեկիոյ նման միայն Անգլիան կրցած է յաղթել զտումի իր բոլոր մրցումները, բայց պէտք է ըսել, որ Թոմաս Թուխելի մարզած խումբը «մաքուր» ձեւով հասաւ մոնտիալին, առանց կոլ իսկ ստանալու:

Հակառակ իր յաջող ընթացքին, իր վերջին մրցումին միջնապահ Ճուտ Պելինկհամ դժգոհ ձեւով հեռացաւ դաշտէն, երբ Թուխել զինք փոխարինեց 82-րդ վայրկեանին: Ըստ երեւոյթին Ռէալ Մատրիտի մարզիկը, որ 2 վայրկեան առաջ դեղին քարտ մը ստացած էր, գոհ չէ գերմանացի մարզիչէն, որ յաջող ելոյթ ունեցաւ զտումի այս մրցումներուն:

Միւս կողմէ, Հայաստանի ազգային խումբի ծանր պարտութենէն ետք Լիզպոնի մէջ, ազգային հաւաքականի մարզիչը յայտնած էր, թէ ինք կը պատրաստէ երիտասարդ խումբ մը, որ այս շրջանին քիչ մը շատ դժուար մրցակից ունէր, որուն դէմ տակաւին պատրաստ չեն տղաքը: Ստացած կոլերը ընդհանրապէս անհատական սխալներէ եղած էին, եւ ամէն բանի լուծումը կայ: «Շատ ցաւալի էր, բայց պէտք է հասկնանք, որ տակաւին պատրաստ չենք խաղալու այսքան զօրաւոր հաւաքականի դէմ:

Ֆութպոլիստները տակաւին հոգեբանօրէն պատրաստ չեն այս մակարդակի խաղերուն: Նման պարզ սխալները ցոյց կու տան, որ ինքնավստահութեան պակաս կայ: Պէտք է բարեկամական խաղեր կատարենք, որ ամէն ինչ կարգաւորուի: Պէտք է դասեր քաղել այս մրցումէն, որպէսզի այլեւս նման բան չկրկնուի», ըսաւ Մելիքեան:

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Եութա Ճեզ Պարտութեան Մատնեց Շիքակօ Պուլզը

Յաջորդը

Քիք-Պոքսինկ. Մարատ Գրիգորեան` Յաղթական

RelatedPosts

Բռնցքամարտ  Էրիք Իսրայէլեանի Յաջորդական Յաղթանակը
Մարզական

Բռնցքամարտ Էրիք Իսրայէլեանի Յաջորդական Յաղթանակը

Նոյեմբեր 19, 2025
Մխիթարեանի Վերադարձը Կը Մօտենայ
Մարզական

Մխիթարեանի Վերադարձը Կը Մօտենայ

Նոյեմբեր 19, 2025
Սթեֆան Սողոմոնեանի Կոլին Շնորհիւ Էս. Էմ. Եու. Ախոյեան
Մարզական

Սթեֆան Սողոմոնեանի Կոլին Շնորհիւ Էս. Էմ. Եու. Ախոյեան

Նոյեմբեր 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?