Հայ ֆութպոլիստ Սթեֆան Սողոմոնեան Էս. Էմ. Եու. Աթլեթիքս խումբին հետ դարձաւ «Էյ. Սի. Սի. 2025-ի ախոյեանը:
Աւարտականին Վիրճինիայի դէմ Սողոմոնեան նշանակեց մրցումին միակ կոլը եւ խումբը առաջնորդեց ախոյեանութեան տիտղոսին:
21 տարեկան յառաջապահը կոլեր նշանակած էր նաեւ փլէյ-օֆի բոլոր 4 մրցումներուն: Ան մէկական կոլեր նշանակած էր Ուէյք Ֆորեսթի (5-4), Սթանֆորտի (1-0), կիսաւարտականին` Սիրաքիուզի (5-1), եւ ինչպէս նշեցինք աւարտականին` Վիրճինիայի դէմ:
Այս տարեշրջանին Սթեֆան Սողոմոնեան 18 մրցումներու ընթացքին նշանակած է 13 կոլ եւ կատարած 1 էսիսթ, եւ միայն 8 մրցումներու մասնակցած է իբրեւ հիմնական մարզիկ:
Ախոյեանութեան աւարտին Սողոմոնեան ներառուեցաւ ախոյեանութեան խորհրդանշական լաւագոյն 11 մարզիկներու հաւաքականին մէջ:


