Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Կատարեց Իր Երկրորդ Փորձը` Արմէն Գիւլպուդաղեանցի Գլխաւորութեամբ
Ինչպէս ծանօթ է, 13 եւ 16 հոկտեմբերին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը «Ազգերու լիկա»-ի մրցաշարքին գծով, մրցումներ ունի կատարելիք յաջորդաբար Ճիպրալթարի եւ Մակեդոնիոյ դէմ` Երեւանի մէջ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ հայրենի կազմը երէկ` չորեքշաբթի, 10 հոկտեմբերին, Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ իր երկրորդ փորձը կատարեց` գլխաւոր մարզիչ Արմէն Գիւլպուդաղեանցի գլխաւորութեամբ: Հաւաքականին միացած է նաեւ Եուրա Մովսիսեան, որ անցեալին հարցեր...




