«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» ակումբին կազմակերպած թենիսի միջազգային մրցաշարքը` հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը:
Ֆրանսացի Ալեքսանտր Միւլըր, որ շաբաթ մը առաջ իր մասնակցութիւնը բերած էր «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» ակումբին կազմակերպած միջազգային առաջին մրցումին եւ աւարտականին պարտութիւն մը կրած, յաջողեցաւ տիրանալ այս երկրորդ մրցաշարքին տիտղոսին, որուն մրցանակային ֆոնտը, առաջինին նման, կը կազմէր 25 հազար ամերիկեան տոլար:
3-րդ դասուած Միւլըր, աւարտականին յաղթեց իր ազգակիցին` առաջին դասուած Ֆապիան Ռիպոլին, 7-6, 3-6 եւ 6-4 արդիւնքով:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ կազմակերպիչ ակումբի պատասխանատուներուն, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի անդամներուն, մարզական լրագրողներու եւ մեծաթիւ հանդիսատեսներու:
Լուսանկարները Տրամադրեց`
ՈՒԻՍԱՄ ԹԱՈՒԻԼ