Կիսաւարտականի Երկրորդ Մրցումը` Սալայի Եւ Իթթիհատ Իսքանտարիի Միջեւ

Պէյրութի Շիահի մարզադաշտը, որ Արաբական տղոց պասքեթպոլի ակումբներու ախոյեանութիւնը կը հիւրընկալէ, այսօր հանգիստ պիտի ընէ, որովհետեւ որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ:
Վաղը` հինգշաբթի, տեղի կ՛ունենան կիսաւարտականի ճակատումները:
Տիտղոսակիր ՀՄԸՄ երէկ գիշեր հաստատ քայլերով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, երբ 84-73 արդիւնքով (21-24, 23-18, 25-19 եւ 15-12) յաղթեց քաթարեան Արապի կազմին, որ պէտք է ըսել, թէ բաւական լաւ ներկայացում մը ունեցաւ:

ՀՄԸՄ-էն Քրիս Ճոնսըն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (17 կէտ, 10 ռիպաունտ), նոյնը իրագործեց նաեւ Էլի Ռըսթոմ (13 կէտ, 11 ռիպաունտ): Բացառիկ ելոյթ մը ունեցաւ Ուոլթըր Հոճ, որ նշանակեց 35 կէտ (մրցումին լաւագոյն կոլսքորըրը), իսկ Էլի Սթեֆան բաւարարուեցաւ 3 թրի փոյնթով (9 կէտ):
Կ՛ակնկալուէր, որ աւարտականի մրցումը ըլլայ զուտ լիբանանեան, սակայն դժբախտաբար կիսաւարտականին է, որ իրարու դէմ պիտի գան ՀՄԸՄ եւ Պէյրութ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ աւարտականին հասնող խումբերէն մէկը միայն պիտի ըլլայ լիբանանեան:
Պէյրութ երէկ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Ֆաթըհի դէմ (Սէուտական Արաբիա)` 92-64 արդիւնքով:
Իսկ կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, իրարու դէմ պիտի մրցին Սալա (Մարոք) եւ Իթթիհատ Իսքանտարի (Եգիպտոս):
 
			

