Պելճիքայի ոստիկանութիւնը երկրին մէջ սկսաւ մեծ արշաւի մը` ձերբակալելու համար ֆութպոլի մրցումներու արդիւնքներուն հետ խաղացած ըլլալու, դրամ լուալու, ինչպէս նաեւ կաշառակերութեամբ զբաղած ըլլալու յանցանքներով կասկածուող անձերը:
Ձերբակալուեցան ֆութպոլի յայտնի գործակալներ, ակումբներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ իրաւարարներ:
Ձերբակալուեցաւ եւ հարցաքննուեցաւ նաեւ Ֆ. Ք. Պրիւժի մարզիչ Իվան Լեքոն:
Պելճիքայի ոստիկանութիւնը փաստացի տուեալներ ունի, որ բոլոր ձերբակալուածներն ալ տարբեր յանցանքներու մէջ մեղսակից են:



