Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Էրիք Վարդանեան, որ մաս կը կազմէ Փիւնիկ Երեւանի, քանի մը ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
20 տարեկան միջնապահին ծունկը ստացած է ծանր վնասուածք:
Հայաստանի հաւաքականին հետ ան ցարդ կատարած է 2 մրցում եւ դարձած կոլի մը հեղինակը:



