Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Ագարակի կեդրոնին մօտ գտնուող «Արարատ-73»-ի ֆութպոլի խումբի յաղթանակին նուիրուած յուշակոթողին մօտ կազմակերպուած ծառատունկին:
Իր խօսքին մէջ վարչապետը ըսաւ.
«45 տարի անցած է «Արարատ-73»-ի յաղթանակէն, բայց մինչեւ հիմա Հայաստանի մէջ, կը մեծարեն այդ մարդոց, հրապարակներ կը բանան, արցունքոտ աչքերով կը յիշեն անոնց յաղթանակը, որովհետեւ «Արարատ»-ը յաղթանակներով նոր ուժ տուած է մեր ժողովուրդի հպարտութեան»:




