Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած «Ուաշինկթըն-Չես-Քոնկրես-Փրեմիեր» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը աւարտեցաւ 17 տարեկան ամերիկահայ կրանտմասթըր Սամուէլ Սեւեանի յաղթանակով: Ան առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 7,5 կէտ (6 յաղթանակ, 3 հաւասարութիւն):
Սեւեան ամերիկեան ճատրակի պատմութեան մէջ կրտսերագոյն պատանի կրանտմասթըրը դարձած էր` 13 տարեկան հասակին:
Ան ծնած է 26 դեկտեմբեր 2000-ին, Նիւ Եորքի մէջ:
Սեւեան ընտանիքը այժմ կ՛ապրի Սանթա Քլարայի մէջ:



