15-22 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենան Հուսամէտտին Հարիրիի անուան տղոց պասքեթպոլի 28-րդ միջազգային մրցաշարքը` հովանաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին:
Կազմակերպիչ ակումբին` Ֆիտաա Սայտայի նախագահ եւ մրցաշարքի ընդհանուր պատասխանատու Նիզար Ռաուաս յատուկ ժողով-հանդիպում մը ունենալէ ետք Ռիատիի պատասխանատուներուն հետ, յայտարարեց մրցաշարքին մասնակցող խումբերուն անունները:
Այդ խումբերը պիտի ըլլան Լիբանանի եւ Արաբական ակումբներու ախոյեան ՀՄԸՄ, Լիբանանի փոխախոյեան եւ այս մրցաշարքի տիտղոսակիր Ռիատի Պէյրութ, Ափրիկէի ախոյեան Սալա (Մարոք), Նաժըմ Ռատեսի, Իթթիհատ Մանսթիրի (Թունուզ), Մուժամաա Փեթրոլի (Ալճերիա), Ահլի (Եգիպտոս) եւ Ահլի Պընղազի (Եգիպտոս):
Յայտարարուեցաւ, որ մրցաշարքի բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 15 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Մանարայի դաշտին վրայ:
Մրցաշարքին տեւողութեան, իւրաքանչիւր օր, ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփիւռի երկու մրցում` «Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանէն: Անոր խօսնակը պիտի ըլլայ մարզական լրագրող Սուպհի Քըպլաուի:
Մրցաշարքի ընթացքին պիտի կիրարկուի Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նոր տարեշրջանին կիրարկելիք օրէնքը, այսինքն` 2 օտարական դաշտին վրայ, իսկ օտարական մը` պահեստի նստարաններուն վրայ: