Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Ճիամփիեռօ Վենթուրա նշանակուեցաւ «Քալչիօ»-ի կազմերէն Քիեւոյի մարզիչ, յայտնեց ակումբին կայքը:
70 տարեկան մասնագէտը իտալական ակումբին հետ կնքեց 2 տարուան պայմանագրութիւն մը:
Վենթուրա փոխարինեց Լորենցօ Տանիին, որ նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ եղաւ` խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Քիեւօ մէկ կէտով միայն կը գրաւէ դասաւորման վերջին դիրքը:



