Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականը իր վերջին մրցումին պիտի մրցի Սերպիոյ դէմ:
Միայն այս մրցումին համար Կարէն Բարսեղեան նշանակուեցաւ գլխաւոր մարզիչի պաշտօնակատար, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը:
Այս նշանակումը տեղի ունեցաւ, որովհետեւ Արմէն Գիւլպուդաղեանց գլխաւորեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը:



